Մեծ Եղեռնի վերապրող Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի (1900-1994) յուշերը, որոնք 1918ին լոյս տեսած են «Յօշոտուած Հայաստան» (Ravished Armenia) խորագրով, առանձնապէս նշանաւոր եղած են, որովհետեւ անոնց հիմամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ նկարահանուած է համանուն շարժանկարը, որ ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու առաջին փորձը եղած է եւ ուր վերապրող պարմանուհին ինքզինք մարմնաւորած է։ Շարժանկարը, որ նաեւ ծանօթ եղած է «Հոգիներու աճուրդ» (Auction of Souls) անունով, լայնածաւալ քարոզչութիւն ունեցած եւ տարածուած է ամերիկեան ու եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ։ Գիրքն ալ թարգմանուած է զանազան լեզուներու եւ ունեցած՝ բազմաթիւ հրատարակութիւններ։